Հեղինակ, Այծ 1, Այծ 2, կամուրջ
Հեղինակ — Երկու այծեր՝ կ՚ուզէին անցնիլ գետակէ մը. բայց կամուրջը այնքան նեղ էր՝ որ հազիւ մէկը միայն կրնար անցնիլ:
Հեղինակ — Պէտք էր մէկը կամ միւսը ետ քաշուէր ու ճամբայ տար: Բայց երկու այծերուն մայրիկները սորվեցուցած չէին իրենց ձագերուն՝ թէ պէտք էին ազնիւ ըլլալ, տեղի տալ, մանաւանդ տկարներուն:
—Այծ 1 — Ճամբայ տուր ինծի:
—Այծ 2 — Ե՞ս ճամբայ տամ, դո՛ւն ետ գնա:
—Այծ 1— Ինչո՛ւ ես պիտի երթամ եղեր, դո՛ւն քաշուէ:
—Այծ 2 — Ո՛չ, նախ ես հասայ կեդրոնը:
—Այծ 1 — Ես աւելի մեծ եմ, ինծի պատիւ պիտի ընես:
Հեղինակ — Երկուքէն ոչ մեկը ուզեց տեղի տալ. երկուքն ալ կոտոշները ցցեցին ու յարձակեցան իրարու վրայ:
Հեղինակ — Կռիւը երկար չտեւեց. այնքան ուժգին զարնուեցան իրարու, որ երկարու, որ երուաքն ալ գլորեցան գետակին մէջ:
Հեղինակ — Տեղի տալը շատ անգամ ազնուութիւն եւ խելացիութիւն է: